image

Վրաստանէն հերքում. Կապ չունինք Պէյրութի պայթումին հետ

Վրաստանէն  հերքում. Կապ չունինք Պէյրութի պայթումին հետ

Վրաստանի ծովային փոխադրութեան գործակալութիւնը յայտնած է, իրենք որեւէ առնչութիւն չունին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին հետ, սակայն միեւնոյն ժամանակ հաստատած է, որ 2013 թուականին նաւը Պաթումէն ամոնիումի  նայթրէյթ փոխադրած է Մոզամպիք, որ, սակայն, յայտնուած է Լիբանան։ Այս մասին կը փոխանցէ RIA Novosti-ն։

Ամոնիումի նայթրէյթի պիտանելիութեան ժամկէտը մօտ կէս տարի է, իսկ անոր տեւական պահպանումը վտանգ կը ներկայացնէ, յայտնած են Վրաստանի մէջ։

Ծովային փոխադրութեան գործակալութիւնը նշած է, որ ամոնիումի նայթրէյթը Վրաստանի կողմէն արտահանուող հիմնական ապրանքներէն է, եւ որ այդ բեռը 7 տարի առաջ ուղարկուած է Պաթումի նաւահանգիստէն, Մոլտովայի դրօշի ներքոյ նաւարկող Rhosus նաւով։

«Վրաստանի նաւահանգիստները լիովին կը համապատասխանեն անվտանգութեան միջազգային չափորոշիչներուն եւ կանոնաւոր կը ստուգուին, իսկ բեռերու փոխադրման եւ պահպանման թեխնոլոկիան կը մտնէ ընդունող երկրի իրաւասութիւններուն մէջ, այլ ոչ թէ արտահանողի»,-յայտնած են Վրաստանի մէջ։

Միայն այս տարի Փոթիի նաւահանգիստէն արտահանուած է 52 307 թոն ամոնիումի նայթրէյթ։

Գործակալութենէն ընդգծած են, որ պաշտօնատար անձինք պայթումի պատճառ անուանած են մեծաքանակ բեռի պահման կանոններու կոպիտ խախտումը։