image

Քարտաշեան նշած է իր մեծ մօր 86-րդ տարեդարձը. «Տատիկ դուն արժանի ես...»

Քարտաշեան նշած է իր մեծ մօր 86-րդ տարեդարձը. «Տատիկ դուն արժանի ես...»

Ամերիկեան «ռիալիթի շոու»ի աստղ՝ Քիմ Քարտաշեան համացանցով նոր լուսանկարներ հրապարակած է մեծ մօր՝ Մերի Ճոյի 86-ամեակի տօնակատարութենէն, որ կազմակերպուած էր Մալիպուի մէջ: Մանրամասնութիւններ յայտնած է Daily Mail-ը:

126 մլն տոլար արժողութեան տօնակատարութեան ընթացքին, Մերի Ճոն հիւրերուն հիւրասիրած է վարդերով զարդարուած կարկանդակ եւ դաշնամուրային կենդանի երաժշտութիւն: Վայելքը ամբողջացուցած է խաղաղ ովկիանոսեան շքեղ տեսարանը: Instagram-ին վրայ Քիմը նշած է, որ տարեդարձին հրաւիրուած եղած են նաեւ Մերի Ճոյի ընկերները Սան Տիէկոյէն, ուր կ'ապրի մեծ մայրը: Մինչեւ միջոցառման ներկայանալը, սակայն, բոլոր հիւրերը կատարած են «Քորոնա» ժահրի հետազօտութիւն: Նկարներուն կից Քարտաշեան հետեւեալ գրառումը կատարած է.-

«Կը Շնորհաւորեմ իմ մեծ մօր՝ Մերի Ճոյի 86-ամեակը: Նախորդ շաբաթ մենք տօնած ենք սիրելի մեծ մամայի ծնունդը, որ յունուարէն ի վեր չէր լքած իր տունը: Սկիզբը հիւանդ էր, իսկ յետոյ՝ «Քորոնա» ժահրը: Այսպիսով՝ մենք նախ հետազօտեցինք իր լաւագոյն ընկերները Սան-Տիէկոյէն, ետքը միասին գացինք Մալիպու: Մեզի հետ էին նաեւ մեծ մօրս սիրելի դաշնակահարն ու երգչուհին Սան-Տիէկոյէն: Այնքան կախարդական օր մըն էր: Տատիկ, դուն արժանի ես լաւագոյնին»:

 

Sitting pretty: Kim, 39, looked camera-ready as always, wearing a black one-shoulder gown and her hair braided down her back

Birthday girl: Mary Jo looked stylish in a long sleeve dress, plaid scarf and a paisley face mask and matching red hat

First trip: Kim explained that MJ hadn't left home since January because she was sick and then the lockdowns hit

Garden party: Kris, 64, cuddled up to Psalm on one of the property's stylish patio chairs

Family moments: The mother-of-four shared a couple more candid shots with the album

Family moments: The mother-of-four shared a couple more candid shots with the album