image

Քարտաշեանի ամուսնութիւնն աւարտա՞ծ է

Քարտաշեանի ամուսնութիւնն աւարտա՞ծ է

Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեանը վերջերս Ուաեոմինկ նահանգ մեկնած էր ամուսինին՝ ռեփըր Քանյէ Ուեսթին յայտնելու, որ «իրենց ամուսնութիւնը աւարտած է», գրած է People ամսագիրը։

«Ան չի ստանար այն, ինչ իրեն հարկաւոր է Քանյէէն։ Այդ ամէնը հասած է այն աստիճանի, որ Քիմը Ուաեոմինկ մեկնած է ամուինին յայտնելու, որ իրենց ամուսնութիւնը աւարտած է եւ հրաժեշտ տալու»,- ըսած է People-ի աղբիւրը:

Աղբիւրի խօսքով՝ Քիմի միակ մտահոգութիւնը իր եւ Ուեսթի չորս երեխաներն են։

«Անոր կ'անհանգստացնեն իր երեխաները եւ անոնց համատեղ մեծցնելու հարցը։ Ան կ'երթայ դէպի ամուսնալուծութիւն»,- ըսած է աբիւրը։

Աւելի վաղ Ուեսթը, որ վերջին շրջանին տարօրինակ վարքագիծ կը դրսեւորէ՝ մէկէ աւելի գայթակղային գրառումներ ընելով Twitter-ի էջին, հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է կնոջմէն: