image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան, Ռոստով եւ Վոլկոկրատ. 4000 ռուս զինուորներ կը մասնակցին զօրավարժութիւններուն

Հայաստան, Ռոստով եւ Վոլկոկրատ. 4000 ռուս զինուորներ կը մասնակցին զօրավարժութիւններուն

Աւելի քան 4000 ռուս զինծառայողներ զօրավարժութիւններ սկսած են Հայաստանի, Ռոստովի եւ Վոլկոկրատի մէջ, կը հաղորդէ ՀՌՕ մամուլի ծառայութիւնը:

Նշուած է, որ հետախուզակրակային համալիրներու կազմին մէջ հրասայլային ստորաբաժանումները մարտական հրաձգութիւն իրականացուցած են թիրախներու ուղղութեամբ, որոնք տեղակայուած են մինչեւ 4000 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Նախօրէրին ուսումնական ահազանգով ոտքի հանուած էին ՀՌՕ 8-րդ համազօրային բանակի զօրամասերը, որոնք տեղակայուած են Վոլկոկրատի եւ Ռոստովի մէջ:

Ճարտարապետական ապահովման ընթացքին ճարտարապետական ստորաբաժանումները կը կիրառեն «սուրիական կրակապատնեշ» մարտավարութիւնը: