image

«Հայաստան» հիմնադրամի օժանդակութիւնը՝ Այնճար հայաւանին

«Հայաստան» հիմնադրամի օժանդակութիւնը՝  Այնճար հայաւանին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ազգօգուտ գործունէութիւնը, որ յաջողած է իր հովանին տարածել ամէն տեղ, ուր կարօտեալ հայ եւ կամ հայկական շունչով ազգային հաստատութիւն կայ, անվերապահօրէն կրցած է հասնիլ հոն, ուր ազգային գիտակցութիւնն ու յանձնառու պատասխանատուութիւնը կանչած են զինք:

Երէկ, չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Այնճար քաղաքապետարանի շէնքը ազգային միասնականութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութեան ժամադրավայրն էր: Արդարեւ, հոն այցելեց պատկառելի եւ վսեմաշուք պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնարկի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեան եւ անդամներ` Նելլի Վէքիլեան, Սեդրակ Քիւրէճեան եւ տոքթ. Սարգիս Պետիկեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէ եւ Ազգային վարչութենէն ներկայացուցիչներ, Պեքաայի շրջանի  հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, գիւղի երեք վարժարաններու տնօրէնները:

Բարի գալուստի իր խօսքով Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան ողջունեց ներկաները` լուսարձակի տակ առնելով  մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները միասնաբար կիսելու մեր իւրայատուկ յատկանիշն ու համոզումը:

Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին դեսպան Աթաբէկեան, Գրիգոր Թերզեան, Շահէ արք. Փանոսեան,Գէորգ եպս. Ասատուրեան ու  վեր. Փոլ Հայտոսթեան:

Ապա տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ գործող երեք վարժարաններուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ յատկացուած գումարներու փոխանցումը, որ իր նիւթական եւ առարկայական արժէքի կողքին, նաեւ ցուցանիշն է հայուն միասնակամ ըլլալու կամքի եւ աներկբայօրէն իրարու թիկունք հանդիսանալու արտայայտութեան:

 

 

Լուրը «Ազդակ»էն