image

Ֆրանսա. Կեանքէն հեռացած է տաղանդաւոր քանդակագործ՝ Թորոս Ռաստկելենեանը. Յայտնի՝ Ռասթ-Կլան անունով

Ֆրանսա. Կեանքէն  հեռացած է   տաղանդաւոր քանդակագործ՝  Թորոս Ռաստկելենեանը. Յայտնի՝ Ռասթ-Կլան  անունով

Կեանքէն հեռացած է ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալակիր, Ֆրանսայի պատուոյ լեգէոնի շքանշանակիր, քանդակագործ՝ Թորոս Ռաստկելենեանը, որ հանրութեան լայն շրջանակին յայտնի է Ռասթ-Կլան անունով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է ֆրանսահայ լրագրող Գրիգոր Ամիրզայեան:

«Ցաւով իմացանք, որ անցեալ գիշեր մահացած է մեր ընկերը, քանդակագործ՝ Թորոս Ռաստկելենեանը: Կը ցաւակցինք իր կնոջը՝ Մարիին, զաւակներուն՝ Էրսէին եւ Գայեանէին եւ իր բոլոր հարազատներուն»,- գրած է Ամիրզայեան:

Թորոս Ռաստկելենեան ծնած է 12 դեկտեմբեր, 1934-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը: Հեղինակին՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող քանդակները  տեղադրուած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Ռաստկելենեանը սիրահարուած եղած է արդարութեանն ու ազատութեան, եւ որ արտայայտուած է իր քանդակներուն մէջ:

2015-ին, քանդակագործը ժամանած էր Հայաստան: Ան Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձի առթիւ Կոմիտասի թանգարան-ինսթիթութին նուիրած է Կոմիտաս վարդապետին քանդակը:

«Կոմիտասը մեզ լուսաւորեց, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ յիշել եւ վառ պահել անոր յիշատակը: Մենք առաւելութիւն ունինք այլ ազգերու նկատմամբ, քանի որ մեր ազգի ամէն մէկ ստեղծագործութեան մէջ առկայ է ազգային ոճը»,- նշած է Ռաստկելենեան: