image

Խորենացի շրջանի մսամթերքի շուկան վերահսկողութեան տակ (Լուսանկարներ)

Խորենացի շրջանի մսամթերքի շուկան վերահսկողութեան տակ (Լուսանկարներ)

ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը անասնահամաճարակային մշտադիտարկումներու ծիրէն ներս եւ սպանդանոցային մորթի պարտադիր չափանիշի ներդրման զուգահեռ, շրջայցեր կատարած է միսի իրացման շուկաները: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Կառավարութիւնը։

Սննդամթերքի ոլորտը վերահսկող մարմնի տեսուչները վաղ առաւօտեան, շուկաներու միսի մատակարարման ժամուն, ստուգայց կատարած են Երեւանի Խորենացի փողոցի միսի տաղաւարները (ԳՈւՄ-ի շուկային յարող տարածքը), նպատակ ունենալով հսկել թէ՛ ստացուած միսի ծագումը, թէ՛ միսի տեղափոխման պայմանները եւ թէ՛ տաղաւարներու  նաքրութեան եւ առողջապահական չափանիշերու պահպանումը:

Տեսչական մարմնի մասնագէտները այցելած են այդ պահուն գործող 9 տաղաւարները, ստուգած են ստացուած մսեղէնին վերաբերող անասնաբուժական փաստաթուղթերը: Բոլոր 9 տնտեսավարողներուն մօտ ալ արձանագրուած են խախտումներ: Տնտեսավարողներէն միայն մէկը ունեցած է միսի սպանդանոցային ծագումը հաւաստող թիւ 5 անասնաբուժական փաստաթուղթը: Քանի մը տեղ միսի տեղափոխումը իրականացուած է առողջապահական եւ սահմանուած այլ չափանիշերուն չհամապատասխանող փոխադրամիջոցներով, իսկ տաղաւարներէն երկուքին աշխատակիցները չեն ունեցած առողջապահական գրքոյկներ:

Կազմուած են արձանագրութիւններ, որոնց հիման վրայ պիտի բացուին ստուգումներ, յստակ վարչական պատասխանատուութիւն ենթադրող հետեւանքներով:

Յիշեցնենք, որ սպանդանոցային մորթի պահանջը ողջ հանրապետութեան մէջ պարտադիր դարձած է 1 յուլիս 2020-ին, ինչ որ կը նշանակէ, այդ նորմի պահպանումը պիտի ըլլայ ՍԱՏՄ-ի (Սննդամթերքի Անվտանգութեան Տեսչական Մարմին) ուշադրութեան կեդրոնը, որպէս պետական այս կառոյցի գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը: