image

Հայկական Ուժերուն խոցած ԱԹՍ-ն կ՚արժէ 30 միլիոն տոլար. Կարեւոր տեղեկութիւններ

Հայկական  Ուժերուն խոցած  ԱԹՍ-ն   կ՚արժէ   30 միլիոն տոլար.  Կարեւոր տեղեկութիւններ

ՀՀ զինուած ուժերու կողմէն  այսօր խոցուած  ատրպէյճանական Elbit Hermes 900-ը  տիպի մարտավարական խոշոր անօդաչու թռչող  սարքը կ'արժէ աւելի քան 30 միլիոն ԱՄՆ տոլար, ընդ որում՝ այս տիպի ԱԹՍ-ի աշխարհի մէջ առաջին յայտնի խոցումն է:

 

 Այս մասին  կը գրէ   «Ռազմ ինֆո»  մասնագիտական  կայքը։Աղբիւրը կը  նշէ, որ Hermes-900-ը կ'արտադրրուի  իսրայէլական Elbit systems ընկերութեան  կողմէ:

Նշենք, որ հայկական զինուած ուժերը վերջին 3 օրուայ ընթացքին,  խոցած են քանի մը    ԱԹՍ-ներ։

Յիշեցնենք, որ 12 յուլիսէն սկսեալ իրավիճակը սրուած է հայ–ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ։

12 յուլիսին` ժամը 12:30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները ՈւԱԶ մակնիշի ինքնաշարժով Տաւուշի ուղղութեամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձեր կատարած են: Հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք Ատրպէյճանի զինծառայողները,  թողելով  ռազմական  կառքը   վերադարձած են իրենց դիրքերը:

Ժամը 13:45-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները կրկնած են հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը, կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ կորուստներ տալով, ետ շպրտուած:

Պաշտօնական տուեալներով՝ Ատրպէյճանը ունի 11 զոհ, իսկ հայկական կողմը 4 զոհ եւ 5 վիրաւոր։