image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի վիրաւորներուն մեծ մասը մահացած են եւ կը շարունակեն ներկայացուիլ, որպէս վիրաւոր. Սամուէլ Մարտիրոսեան

Ատրպէյճանի վիրաւորներուն մեծ մասը մահացած են եւ կը շարունակեն ներկայացուիլ, որպէս վիրաւոր. Սամուէլ Մարտիրոսեան

Ատրպէյճանական կողմը ընդունած է, որ չորրորդ զոհը ունի։ Այս մասին այսօր՝ 13 յուլիսին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ մետիայի փորձագէտ՝ Սամուէլ Մարտիրոսեան։

«Այնտեղ վիրաւորներու խնդիր կայ, ես կ'ենթադրեմ, որ մէկ մասը արդէն իսկ զոհուած էին, ներկայացուած են որպէս վիրաւոր, որպէսզի յետոյ ժամանակի մէջ ներկայացնեն։ Փորձը ցոյց կու տայ, որ այնտեղ կան մարդիկ, որոնք կը հաւատան պաշտօնական տեղեկատուութեան, կամ կը գերադասեն շատ չարտայայտուիլ։ Չնայած կը հանդիպինք գրառումներու, որոնք կը խօսին այն մասին, որ իրենք ունին մեծ կորուստներ, բայց ընդհանուր առումով այնտեղ ժողովուրդը կը հաւատայ այլընտրանքային պատմութեան, որ իրենց կը ներկայացուի պաշտօնական տուեալներով, թէ հայերը դիրքեր կը կորսնցնեն»,- ըսաւ Մարտիրոսեան ։

Հարցին, թէ հայկական կողմը ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգէ այդ տեղեկութիւններուն եւ արդեօ՞ք հայկական կողմը համարժէք կ'արձագանգէ մետիայի դաշտին մէջ, Սամուէլ Մարտիրոսեան ըսաւ, «Մենք պիտի ընենք այն, ինչը միշտ ըրած ենք։ Այսինքն՝ պէտք է ըլլայ ստուգուած, յստակ տեղեկատուութիւն։ Մեր ներքին ուժեղ կողմը այն է, որ արդէն տարիներ շարունակ բոլորը գիտեն, որ ռազմական կորուստներու մասին ոչինչ կը թաքցուի։ Այդ տեսանկիւնէն մենք ունինք բաւականին վստահելի հիմքեր հասարակութեան մէջ»։

Սամուէլ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ հիմա ատրպէյճանցիները կոտրած հայկական օգտատէրերու անուններով կը մտնեն ու իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւններ կը գրեն. «Կը գրեն, թէ իբրեւ ինծի գրեցին եւ մեծ կորուստներ ունինք։ Լաւը այն է, որ մարդիկ սկսած են աւելի անլուրջ վերաբերիլ։ Վատը այն է, որ այդ կը կատարուի կոտրած հայկական օգտատէրներէ։ Այսինքն՝ արտաքինէն չես հասկնար, որ այդ կեղծ օգտատէր է, քանի որ գրագէտ հայերէնով կը գրուի»։