Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատմիր Փութինի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով այսօր անդրադարձած է Տաւուշի սահմանային միջադէպին եւ մինչեւ հիմա առկայ լարուած դրութեան։
Փեսքով մասնաւորապէս ըսած է, որ Ռուսաստան խորապէս մտահոգ է Հայ-Ատրպէճանեան կողմերու փոխ-կրակոցով։
Նշենք, որ անցեալ կիրակի օր Ատրպէյճանի կողմէն եղած ոտնձգութենէն ի վեր Տաւուշի սահմանային ամբողջ երկայնքը կը մնայ լարուած։