image

Դադրեցնել Ռազմական գործողութիւնները. ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին կոչը

Դադրեցնել Ռազմական գործողութիւնները. ՄԱԿ-ի  Գլխաւոր  Քարտուղարին կոչը

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը խորապէս մտահոգուած է  հայ-ատրպէյճանական սահմանին տարբեր զէնքերու, որոնց շարքին նաեւ ծանր զինատեսակներու օգտագործմամբ փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւններու առնչութեամբ,  որոնք, ինչպէս կը հաղորդուի, յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու:  Այս մասին յայտարարած է գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքը։

«Գլխաւոր քարտուղարը կոչ կ՛ընէ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, բոլոր ներգրաւուած կողմերուն կոչ կ՛ընէ քայլեր ձեռնարկելու լարուածութիւնը թուլացնելու եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն զերծ մնալու ուղղութեամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անթոնիօ Կութերէշը վերահաստատած է իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝  այս վտանգաւոր իրավիճակը կարգաւորելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ, բանակցային ճամապարհով լուծումներ փնտռելու անոնց ջանքերուն: