Տաւուշի հայկական դիրքին վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն ասդին իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։
Այս մասին գրած է ՀՀ ՊՆ-ի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
Ան նաեւ խօսած է սահմանային հատուածին դէպքերուն բերումով գրանցուած վիրաւորներուն մասին նշելով, որ կան 5 վիրաւորներ, որոնց 3-ը զինուորներ են, իսկ 2-ը ոստիկաններ եւ անոնց վիճակը կայուն է եւ ստացած վէրքերը թեթեւ վէրքեր են։