image

Աննա Գրիգորեանի փայլուն ելոյթը՝ Հոլանտայի մէջ

Աննա Գրիգորեանի փայլուն ելոյթը՝ Հոլանտայի մէջ

Հայուհի Աննա Գրիգորեան, որ 2017-ին ճանաչում ձեռք բերաւ հոլանտական The Voice Kids նախագիծին փայլուն մասնակցութեան շնորհիւ, նոր յաջողութիւն արձանագրած է մէկ այլ հոլանտական նախագիծի մը: 13 ամեայ երգչուհին այժմ կը մասնակցի We Want More մրցոյթին, որու առաջին փուլին կրկին գրաւած է հոլանտացի աստղերուն ուշադրութիւնը, 5 ժիւրիի (դատական կազմ) անդամներէն 4-ի կողմէն ստանալով «այո» ու անցնելով յաջորդ փուլ:

NEWS.am STYLE-ի հետ զրոյցին, Աննան կիսուած է իր հերթական յաղթանակով:

«Մասնակցելու առաջարկը նախագիծի կազմակերպիչներէն ստացայ: Որոշեցի մասնակցիլ, յատկապէս, երբ իմացայ, որ տուեալ նախագիծի ժիւրիի կազմին մէջ է The Voice Kids-ի իմ մարզիչը` Ali B-ն»,-ըսած է Աննան:

Աննան առաջին փուլին կատարած է Արիանա Կրանտէի One Last Time երգը: Այժմ կը պատրաստուի յաջորդ փուլին, որ ըստ իրեն՝ աւելի բարդ պիտի ըլլայ.-

«Այս նախագիծը բաւական բարդ է եւ իմ մասնակցած միւս մրցոյթներէն կը տարբերի անով, որ այստեղ հանդէս կու գան տարիքային տարբեր խումբերու կատարողներ: Յաջորդ փուլը յաղթահարելը աւելի դժուար է, քանի որ ժիւրիի հիմնական կազմին պիտի միանայ 25 անդամ, որոնք պէտք է գնահատեն մեր ելոյթները, եւ անոնցմէէ կախեալ է եզրափակիչ անցնելու իմ հնարաւորութիւնը: Յուսով եմ, որ այդ փուլը եւս կը կարողանամ յաղթահարել»:

Երգչուհին խոստովանած է, որ The Voice Kids-ին մասնակցութիւնը ոչ միայն բարձրացուցած է իր ինքնավստահութիւնը, այլեւ իր առջեւ նոր դռներ բացած, ինչ որ յոյս ունի շարունակելու նաեւ We Want More նախագիծէն ետք.-

«The Voice Kids-ին մասնակցելէն ետք տարբեր համերգներու երգելու առաջարկներ ստացած եմ, ելոյթ ունեցած եմ աւելի քան 20 հազար հանդիսատէսի առջեւ, ինչպէս նաեւ ստացած եմ հրաւէր, երգելու Հոլանտաայի թագուհիի միջոցառման, իսկ վերջերս թողարկած եմ իմ առաջին տեսահոլովակը»,-պատմած է երգչուհին` աւելցնելով, որ կ'երազէ միջազգային բեմերու վրայ ու յայտնի արուեստագէտներու հետ ելոյթներ ունենալու մասին: