image

Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութիւն- պահանջով

Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութիւն- պահանջով

Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ՝  ԲՀԿ (Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւն), ՀՅԴ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) եւ «Հայրենիք»  հանդէս  եկած են յայտարարութիւն-պահանջով։ 

Կուսակցութիւնները  նշելով այսօր  Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր  դրութիւնն ու իրենց մտավախութիւնները պահանջած են՝   

Անյապաղ դադրեցնել սահմանադրական հիմնարկի կազմալուծման հակապետական ընթացքը:

Վերջ տալ ազգային արժէքներուն, ինքնութեան եւ հանրային դիմադրողականութեան սպառնացող, օտարածին օրակարգերու սպասարկման միտուած գործողութիւններուն:

Վերանայիլ եւ չեղարկել համավարակին հակազդելու պատրուակով ոչ իրաւաչափ հարկադրանքի միջոցներու կիրառումը, անոնց կարգին՝ վարչական տուգանքները։