image

Մոմավառութիւն՝ Կարէն Վարդանեանի յիշատակին

Մոմավառութիւն՝ Կարէն Վարդանեանի յիշատակին

Քասքատ համալիրի վերին շրջանը 11 Յուլիսին, տեղի կ'ունենայ Առաջատար տեխնոլոգիաներու (արհեստագիտութիւններու) ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) գործադիր տնօրէն՝ Կարէն Վարդանեանի յիշատակին նուիրուած մոմավառութիւն՝ ԱՏՁՄ աշխատակազմի ու վարչութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Միջոցառման ընթացքին կը պահպանուի իրավիճակով պայմանաւորուած կանոնակարգը։

Նշենք, որ Կարէն Վարդանեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 12 Յուլիսին ժամը 17:30-ին Նոր Նորքի 5-րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 Յուլիսին, ժամը 13:00-ին, նոյն վայրէն:

Յիշեցնենք, որ Առաջատար տեխնոլոգիաներու ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն, 57 ամեայ Կարէն Վարդանեան մահացած էր 10 Յուլիսին` երկարատեւ հիւանդութենէ ետք: