image

«Այա Սոֆիա»ի Տագնապ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն «մեղմ» ափսոսանք

«Այա Սոֆիա»ի Տագնապ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն «մեղմ» ափսոսանք

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէն խորապէս կ'ափսոսայ Պոլսոյ Այա Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը փոխելու Թուրքիոյ որոշման համար, որ ընդունուած է «առանց նախնական երկխօսութեան», կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնը խորապէս կ'ափսոսայ Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու թրքական իշխանութիւններու որոշման համար, որ ընդունուած է առանց նախնական երկխօսութեան»,- ըսուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ուրբաթ օր Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը` երկրի բարձրագոյն վարչական դատարանը, չեղարկած է Այա Սոֆիան թանգարանի վերածելու 1934-ի որոշումը։ Անկէ անմիջապէս ետք Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ հրամանագիր ստորագրած է՝ տաճարը մզկիթի վերածելու եւ այնտեղ իսլամական ծառայութիւններ սկսելու մասին: