image

«Այա Սոֆիա»ի տագնապ. «Աւելի մեծ տարաձայնութիւններ» Ռուսաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ արձագանգը

«Այա Սոֆիա»ի տագնապ. «Աւելի մեծ տարաձայնութիւններ» Ռուսաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ արձագանգը

Ռուս ուղղափառ եկեղեցին յայտարարած է, որ Այա Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ որոշումը կրնայ աւելի մեծ տարաձայնութիւններու յանգեցնել:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը ստորագրած է Այա Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու մասին հրամանագիրը, երբ թրքական դատարանը չեղարկած է 1934 թուականի հրամանագիրը, որով այն թանգարանի վերածուած էր:

«Ցաւալի է, որ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ, այլ ուղղափառ եկեղեցիներու մտահոգութիւնը արձագանգ չստացաւ: Տուեալ որոշումը, ցաւօք, ուղղուած չէ հակասութիւններու հարթման, այլ, հակառակը, կրնայ աւելի մեծ տարաձայնութիւններու յանգեցնել, որուն մասին 6 յուլիսին յայտարարած է Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը»,-ըսած է ԹԱՍՍ-ի զրուցակիցը: