image

Կարէն Վարդանեանի ընտանիք «Նիւթական յատկացում ծաղկեպսակի փոխարէն»

Կարէն Վարդանեանի ընտանիք «Նիւթական յատկացում  ծաղկեպսակի փոխարէն»

Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանի ընտանիքը որոշում կայացուցած է ի յիշատակ Կարէն Վարդանեանի իրականացնել Փոխանց Ծաղկեպսակի:

Տարածուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Յարգելի հայրենակիցներ,

Զգացուած ենք ցաւակցական խօսքերու եւ մեր ընտանիքին զօրակցութիւն յայտնելու համար: Որոշում կայացուցած ենք ի յիշատակ Կարէն Վարդանեանի իրականացնել Փոխանց Ծաղկեպսակի: Բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն, կրնան ծաղկեպսակին յատկացուելիք գումարը ուղղել ներքոնշեալ հաշուեհամարին՝ Կարէնի ծրագիրներուն իրականացման ուղղելու համար:

Կը կարծենք, որ Կարէնը միայն հպարտ կ'ըլլար` իմանալով մեր այս որոշման մասին:

Հաշուեհամար` «ԻՆԵԿՈԲԱՆԿ» 2050653748651001
Ստացող՝ Վահան Վարդանեան
Հարցերու համար զանգել՝ 055-98-28-35»: