image

«Այա Սոֆիա»ն մզկիթի վերածուեցաւ

«Այա Սոֆիա»ն մզկիթի վերածուեցաւ

Թուրքիոյ բարձրագոյն վարչական դատարանը (Danıştay-Պետխորհուրդ) չեղարկած է Այա Սոֆիայի տաճարին թանգարանի կարգավիճակ տալու մասին Թուրքիոյ կառավարութեան՝ 24 նոյեմբերի 1934-ի որոշումը։ Սա կը նշանակէ, որ այլեւս ոչ մէկ իրաւական արգելք չկայ բիւզանդական շրջանի քրիստոնէական հնագոյն տաճարը կրկին մզկիթի վերածելու համար։

Նշենք, որ Պոլսոյ պատմական կեդրոնին մէջ գտնուող  Սուրբ Սոֆիա (Այա Սոֆիա) հռչակաւոր տաճարի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելու հարցը Թուրքիոյ Պետական խորհուրդի օրակարգ բերած էր «Մնայուն հիմնադրամի պատմական ժառանգութեան ու շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միութիւնը»։ Միութիւնը դեռ 2016-ին նման հայցով դիմած էր Թուրքիոյ բարձրագոյն վարչական դատարան։

2 Յուլիսին կայացած դատարանի նիստէն ետք յայտարարուած էր, որ այդ  գործով վճիռը պիտի հրապարակուի 15 օրուան ընթացքին։

Նշենք, որ աւելի վաղ՝ 2005 եւ 2008 թուականներուն, վերոնշեալ կազմակերպութիւնը դարձեալ դիմած էր նոյն ատեանին՝ Այա Սոֆիայի տաճարը թանգարանի վերածելու մասին որոշման չեղարկման եւ կառոյցը մզկիթի վերածելու պահանջով, բայց մերժում ստացած էր։