image

««Այա Սոֆիա»ն «ազատ տարածք». Վրաց եկեղեցին դէմ Էրտողանի ծրագրին

««Այա Սոֆիա»ն «ազատ տարածք». Վրաց եկեղեցին դէմ Էրտողանի ծրագրին

Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանը տարածած է յատուկ յայտարարութիւն՝  Այա Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի հնարաւոր փոփոխման մասին։ Թուրքիոյ պետական խորհուրդը մտադիր է այժմ թանգարան հանդիսացող տաճարը վերածել  մզկիթի, կը յայտնէ «Կրուզիա-օնլայն»-ը։

Պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Թիֆլիսի մէջ կը հետեւին գրեթէ 1500 տարի առաջ կառուցուած եւ նշանաւոր քրիստոնէական եկեղեցի հանդիսացող Այա Սոֆիայի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւննեուին: «Յայտնի է, որ թրքական կողմի յայտարարութիւնը պայմանաւորուած էր շարք մը պատճառներով: Այնուամենայնիւ, այժմ, երբ մարդկութիւնը կը բախի բազմաթիւ համաշխարհային մարտահրաւէրներու, շատ կարեւոր է քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ լաւ յարաբերութիւններու պահպանումն ու ամրապնդումը: Մենք կը կարծենք, որ եթէ Այա Սոֆիան մնայ չէզոք տարածք, այդ մէկը իմաստուն որոշում կ'ըլլայ»:

Միաժամանակ, վրաց ուղղափառ եկեղեցին կը հաւաստիացնէ, որ «կը յարգեն Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը»: Պատրիարքարանը յույս ունի, որ «բարեկամական պետութեան» ուղղուած այդպիսի կոչը կ'ընկալուի ոչ թէ որպէս միջամտութիւն անոր ներքին գործերուն, այլ որպէս ամենահին ուղղափառ եկեղեցիներէն մէկուն դիրքորոշում եւ հոգիի ցաւի արտայայտութիւն։

«Յուսով ենք, որ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ բարիդրացիական, բարեկամական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները կը շարունակեն խորանալ, որ օգուտ կը բերէ երկու երկիրներուն», - նշած է պատրիարքարանը: