image
Հրատապ լուրեր:

Աթաթուրքի բնակարանը Պոնտոսի յոյներու յիշատակի թանգարա՞ն

Աթաթուրքի բնակարանը Պոնտոսի յոյներու յիշատակի թանգարա՞ն

Պոլսոյ մէջ Այա Սոֆիայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու հարց է, եւ Աթէնքը պէտք է ​​կոշտ պատասխան տայ, որ Անգարան հասկնայ, յայտարարած է «Յունաստանի որոշումը» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թանասիս Միլոնասը, կը փոխանցէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

Անոր խօսքով՝ կուսակցութեան դիրքորոշումն է Սալոնիկի մէջ գտնուող թրքական պետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքի տուն-թանգարանը վերածել Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան թանգարանի:

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է ուժեղ արձագանգ ըլլայ: Սա Սալոնիկի մէջ Քեմալ Աթաթուրքի տան համանման վերափոխումն է՝ պոնտոսական հելլենիզմի յուշարձանի՝ պոնտացիներու ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարանի»,- նշած է կուսակցութեան ներկայացուցիչը:

Կուսակցութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ միայն այդպէս «բարբարոսները կրնան հասկնալ», որ Յունաստանի կառավարութիւնը համապատասխան կոշտ պատասխան  չի տար՝ Թուրքիոյ «վնաս չհասցնելու» համար։

Հարցին՝ արդեօ՞ք այդ կրնայ մտափոխել Թուրքիոյ նախագահին, կուսակցութեան ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Էրտողանը անկառավարելի քաղաքական գործիչ է»: