image

Ներքին Խնձորեսկի բնակիչը գացած է Գորայք գիւղի արօտավայր եւ չէ վերադարձած. ԱԻՆ

Ներքին Խնձորեսկի բնակիչը գացած է Գորայք գիւղի արօտավայր եւ չէ վերադարձած. ԱԻՆ

9 Յուլիսին՝ ժամը 01:35-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Ներքին Խնձորեսկ գիւղի թիւ 7 փողոցի տուներէն մէկու բնակիչ Նարեկ Ս․-ն (1990-ի ծնունդ) գացած է Գորայք գիւղին յարակից արօտավայր եւ չէ վերադարձած․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ԱԻՆ-էն:

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Սիւնիքի մարզային փրկարարական վարչութեան դաշտային խումբը։

Որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ ոստիկանութեան Սիսիանի բաժնի աշխատակիցներ։

Ոստիկանութեան յորդորով փրկարարները դադրեցուցած են քաղաքացիի որոնումը։