image

«Քորոնա»ն կը նահանջէ Մոսկուայի մէջ

«Քորոնա»ն կը նահանջէ Մոսկուայի մէջ

Ռուսաստանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման 6509 դէպք: Այս մասին կը փոխանցէ «Էխօ Կովկասա» ռատիոկայանը՝ մէջբերելով «Քովիտ-19»-ի դէմ պայքարին ՌԴ դաշնային շտապի տուեալները:

Համաճարակի բռնկման պահէն ի վեր Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ արձանագրուած է վարակի աւելի քան 707 հազար պարագայ: Վարակման ցուցանիշով Ռուսաստանը ներկայ պահուն կը գտնուի 4-րդ հորիզոնականին վրայ, ողջ աշխարհի մաշտապով, Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն եւ Հնդկաստանէն ետք:

Վերջին մէկ օրուան ընթացքին վարակման ամէնէն շատ պարագաները գրանցուած են Մոսկուայի մէջ՝ 568: Այս մէկը, 6 ապրիլէն ի վեր ՌԴ մայրաքաղաքի վարակման դէպքերուն նուազագոյն ցուցանիշն է:

Եօթ շրջաններու մէջ, Սէյնթ Փեթէրսպուրկի, Սվերտլովսքի մարզի, Խանթի Մանսիյսք ինքնավար շրջանի, Իրքութսքի, Նիժեքորոթսքի մարզերու եւ Ալթայի երկրամասին մէջ, վարակման տուեալը կը գերազանցէ 200-ը:

Վերջին մէկ օրուան մէջ երկրին մէջ մահացած է 176 մարդ, համաճարակի ողջ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի զոհերուն թիւը հասած է 10843-ի:

Նախօրէին, ՌԴ-ի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած է «Քորոնա» ժահրի բուժման համար նախատեսուած երրորդ դեղամիջոցը, որ յայտնի է «Քորոնավիր» անունով: