image
Հրատապ լուրեր:

Քարտաշեանի ամուսինը հիւանդացած էր «Քովիտ-19»ով

Քարտաշեանի ամուսինը հիւանդացած էր «Քովիտ-19»ով

Ամերիկացի երաժիշտ Քանյէ Ուեսթը «Forbes» ամսագրին յայտնած է, որ հիւանդանցած էր «Քորոնա» ժահրով։ Պարբերականին տուած հարցացրոյցին մէջ ան նշած է, որ COVID-19-ով վարակուած է փետրուարին։

«Դող, սարսուռ, երբ պառկած ես անկողինին մէջ, տաք լոգանք, տեսանիւթերու դիտում, որոնց մէջ ցոյց կը տրուի, թէ ինչ պէտք է ընել, որ անցնի։ Կը յիշեմ՝  մէկը ինծի ըսաւ, որ ռեփըր Տրեյքը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, որուն ես պատասխանեցի, որ Տրեյքը չի կրնար իծմէ աւելի լուրջ հիւանդ ըլլալ»,- ախտանշաններու մասին պատմած է Ուեսթը։

Չի հաղորդուիր՝ արդեօք Քանյէի կինը՝ Քիմ Քարտաշեանը, եւս հիւանդացած է «Քորոնա»ով։