image

Հալէպ. Տեղի ունեցած է Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի «Աւետախօս» նորատիպին շնորհահանդէսը

Հալէպ. Տեղի ունեցած է Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի «Աւետախօս»  նորատիպին շնորհահանդէսը

Օրերս  Հալէպի մէջ  հանդիսաւոր կերպով տեղի  ունեցած Սուրիոյ Հայ Աւետարական Եկեղեցւոյ  նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի       «Աւետախօս»   խորագրեալ հատորին  ներակայացումը։

 

     Սուրիոյ հայ  Աւետարանական      համայնքը ձեռնհասօրէն հովուող   Վերապատուելին    որոշիչ ու կեդրոնական դեր    եւ աշխատանք կը կատարէ, ոչ միայն նեղ-համայնքային     պրիսմակով, այլ  ներկայ է    Սուրիահայ   համայնքի բոլոր   վճռորոշ       ժամանակներուն,  ինչպէս նաեւ  Սուրիա-Հայաստան եւ   Սփիւռքի տարբեր  գաղութներուն  հետ   համակարգողի  եւ  առաջնորդողի  իր բարձր  դերով։

 Ուշագրաւ  է նաեւ, որ Վերապատուելին   Սուրիան հարուածած      արիւնալի տագնապի  ամենածանր  օրերուն    չլքեց    իր համայնքն  ու Հալէպ  քաղաքը եւ  եւ իր   ժիր   ներկայութեամբ  ու     գիտակից հովիւի   առաքինութեամբ  օրինակ դարձաւ  շատ-շատերուն։

 

 Ստորեւ   մեր  ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  օրեր առաջ  Վերապատուելիի  տպագրած   հատորիոն առթիւ  կայացած     շնորհահանդէսի  թղթակցութիւնը, որ  կը պատկանի

Մարինա Պոզիաքալեան-Պազարպաշեանի գրչի   եւ  որ լոյս տեսած է    Հալէպի  «Գանձասար»  շաբաթաթերթին մէջ։

 

 

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինին, կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի «Աւետախօս» քարոզագիրքին շնորհանդէսը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Հալէպի հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մարմիններու ներկայացուցիչներ, հալէպահայ կրթական հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՀ քայլերգով: Օրուան հանդիսավար Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան ներկաները ողջունելէ ետք բացման իր խօսքով յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւն կու գայ ոչ միայն հաճելի ընթերցանութեան առիթ ընծայելու, այլեւ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու պեղումի եւ վերականգնումի հրամայականին առջեւ Աստուծոյ խօսքով ներշնչելու իւրաքանչիւր անհատ, որպէսզի ան կանգուն մնայ կեանքի փոթորիկներուն դիմաց:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը կ'ընդգրկէր դասական երաժշտութիւն, որ հրամցուեցաւ Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան Կոմիտասի անուան լարային քառեակին կողմէ: Քառեակը ներկայացուց «Քելէ-Քելէ», «Երկինքն Ամպել Ա» կտորները, իսկ պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ «Իմ Հայրիկ» մեներգը, որ հեռակայ դրութեամբ կատարած էր Արմանի Հերա Սելիմեան:

Այնուհետեւ ներկայացուեցան նաեւ «Աւետախօս» քարոզագիրքի հրատարակութեան առիթով հեռակայ դրութեամբ արտասանուած եւ արձանագրուած սրտի խօսքեր, զորս արտասանած էին Քանատայէն՝ գիրքի մշակման աշխատանքին մասնակցող տիկ. Տիրանուհի Մարգարեան-Կարապետեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան:

Արտաքին շնորհաւորանքներուն մաս կը կազմէին՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէն Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի տիար Զաւէն Խանճեանի շնորհաւորական գիրերը:

Շնորհաւորական տպաւորիչ իր խօսքով եւ բարեմաղթութիւններով հեռակայ դրութեամբ ձեռնարկին կը մասնակցէր նաեւ Առնօ Սելիմեանը:

Ապա ներկաները ըմբոշխնեցին տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի յօրինած «Աւետախօս» երգը՝ Արմանի Հերայի տպաւորիչ կատարողութեամբ:

Հանդիսավարը հատորին հեղինակին՝ Վերապատուելիին կենսագրական տուեալները ընթերցելէ ետք, հրաւիրեց գրող, մանկավարժ եւ դասախօս տիկ. Լալա Միսկարեան-Մինասեանը ներկայացնելու «Աւետախօս» քարոզագիրքը:

Տիկ. Միսկարեան հանգամանօրէն կատարեց հատորին ընդհանուր ծանօթութիւնը, սկսեալ ծածկոյթէն՝ անոր գեղարուեստական, գրական եւ հոգեւոր արժէքները լուսարձակի տակ առնելով: Ան Վերապատուելիին ճարտասանական ձիրքը, Աստուածաշնչական խօսքի մեկնաբանութեան հմտութիւնը, ընթերցողը առինքնելու կարողութիւնը, հարուստ լեզուն եւ մշակուած ոճը գերգնահատելի համարեց:

Տիկ. Լալա շրջագայելով քարոզագիրքի էջերուն մէջ մէջբերումներ կատարեց վերապատուելիին միտքերէն՝ փիլիսոփայական արուեստի ու հայ բանաստեղծներու նշանաւոր դէմքերու կարգ մը խօսքերը վկայակոչելով: Ան ներկաներուն թեւեր ընծայեց դէպի Քրիստոսի լոյսը սաւառնելու՝ գիրքին մէջ հրամցուած քրիստոնէական սկզբունքներ ցոլացնող արտայայտութիւններուն ընդէմէջէն: (Գիրքին ներկայացումը ամբողջութեամբ տեսնել թերթիս 7-րդ էջին վրայ):

Հանդիսավարը կազմակերպիչ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն՝ շնորհաւորեց Վերապատուելին եւ հրաւիրեց զինք իր սրտի խօսքը արտասանելու:

Վերապատուելին երեկոն նկատեց զինք հարստացնող եւ խոնարհեցնող, կրկնակի յանձնառութեան առջեւ դնող փորձառութիւն մը:

Ան երախտագիտութիւն յայտնեց առ Աստուած՝ Իր խօսքը քարոզելու եւ ուսուցանելու աստուածատուր կոչումին համար:

Վերապատուելի Համայնքապետը կարեւոր համարեց մարդ արարածին դաստիարակութիւնը, հոգեմտաւոր կրթութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւն ցուցաբերելը: Ինքնակերտումի եւ հոգեմտաւոր իմացութեան զարգացման համար պէտք է ջանասէր ըլլալ, դիտել տուաւ ան, աւելցնելով, որ մինչ աշխարհը կը կորսնցնէ հոգեւոր զգայնութիւնը, մարդկայնութիւնը ազնուականութենէ-ազնուականութիւն կը բարձրացնէ եւ կը կերպարանափոխէ մարդը։ Ուստի ան կը դառնայ աւելի յարգալիր, գնահատող եւ իրաւախոհ՝ քարոզի մատուցմամբ եւ զգաստութեան հրաւիրման մնայուն գործընթացով:

Վերապատուելին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, մասնաւորապէս տիկ. Լալային՝ վերջինիս խորաթափանց, անկեղծ ու բովանդակալից ներկայացումին համար: Ապա գնահատեց շնորհանդէսին ներդրում ունեցողները եւ քարոզագիրքին մշակման աշխատանքին մաս կազմողները՝ Քանատայէն տիկ. Տիրուկ Մարգարեանը, իսկ Հալէպէն օր. Ալին Բանոյեանն ու տիկ. Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեանը, վերջին երկուքին նուիրելով սոյն հատորէն օրինակներ:

Ապա Վերապատուելի Համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք շնորհաւորական խօսքեր ուղղեցին այս շնորհանդէսին առիթով, ի մասնաւորի Լիբանանի հրատարակչական գրասենեակին մէջ գործող տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանին՝ գիրքին հրատարակութեան իր գնահատելի աշխատանքին համար:

Վերապատուելին եզրափակելով ըսաւ. «Փառքը, պատիւը եւ վայելչութիւնը կը վերագրուի միմիայն Աստուծոյ, Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին: Եթէ Ս. Երրորդութեան ներկայութիւնն ու հովանին ներշնչում եւ զօրութիւն, առաջնորդութիւն եւ մըտքի պայծառութիւն, հոգեմտաւոր արժէքներու գնահատման ուժ եւ կամք չհաղորդէին, մենք պիտի չկարենայինք ըսել այն ինչ որ ըրինք»:

Հոգեպարար այս ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրիոյ քայլերգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքին աւանդական գինեձօնը:

Հուսկ ներկաները հրաւիրուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ «Աւետախօս» քարոզագիրքին մակագրումը եւ այս առթիւ պատրաստուած կարկանդակին հատումը:

Վերապատուելին ձեռամբ հատորէն օրինակներ նուիրեց բոլոր հրաւիրեալներուն: