image

«Նորք» անկելանոցի վարակակիր բոլոր տարեցները առողջացած են

«Նորք» անկելանոցի վարակակիր բոլոր տարեցները առողջացած են

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նորքի տուն-անկելանոցի նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուած բոլոր տարեցները առողջացած են: Նախարարութիւնը «Ֆեյսպուք»ի էջին նաեւ նշած է, որ վարակուածութեան նոր դէպքեր չկան:

Հիւանդանոց տեղափոխուած բոլոր տարեցները վերադարձած են իրենց բնականոն կեանքին:

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համակարգին մէջ գործող բոլոր հաստատութիւնները կը շարունակեն աշխատիլ փակ ռեժիմով՝ նուազագոյնի հասցնելով մուտք ու ելքի բոլոր հնարաւորութիւնները: