image

Քանիյէ Ուեսթ, Քիմ Քարտաշեանի ամուսինը ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածո՞ւ

Քանիյէ Ուեսթ, Քիմ  Քարտաշեանի ամուսինը ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածո՞ւ

Յայտնի ռեփըր, Քիմ Քարտաշեանի ամուսին Քանյէ Ուեսթ ԱՄՆ անկախութեան օրը՝ 4 յուլիսին յայտարարած է 2020թ․ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասին, սակայն դեռ յստակ չէ, արդեօք երաժիշտը ձեռնամուխ եղած է քուէաթերթիկներուն մէջ յայտնուելու աշխատանքին, թէ ոչ։

«Այժմ մենք պէտք է գիտակցինք Ամերիկայի խոստումը՝ վստահելով Աստծուն, միաւորելով մեր տեսլականը եւ կառուցելով մեր ապագան»,- գրած է Ուեսթը, աւելցնելով,- «Ես պիտի առաջադուիմ որպէս ԱՄՆ նախագահի թեկնածու»։

«Թուիթըր»ի էջին եղած գրառման պատասխանած է Քիմ Քարտաշեանը՝ ԱՄՆ դրօշի նկարով:

Նախագահական ընտրութիւններէն 4 ամիս առաջ եղած այս յայտարարութեան վերաբերեալ դեռ յստակութիւն չկայ։ Յայտնի չէ, արդեօ՞ք անուանի կատարողի անունը պիտի յայտնուի քուէաթերթիկներուն մէջ, թէ ոչ։

Որպէս նախագահի անկախ թեկնածու՝ Ուեսթը ընտրութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւն դեռ ունի։