Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մէկ օրուան մէջ 163 մարդ մահացած է: Երկրին մէջ հիւանդութենէն մահացութեան ընդհանուր ցուցանիշը հասած է 11 571-ի: Այս մասին յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Սիմա Սատաթ Լարին:
Լարին նշած է, որ վերջին մէկ օրուան ընթացքին գրանցուած մահուան տուեալը մրցանշային է Իրանի համար: Մահացութեան 24-ժամեայ նախորդ մրցանշային ցուցանիշը (162) գրանցուած էր 29 մայիսին: