image

Իրանի մէջ «Քովիտ-19»ի թիւերու բարձր աճ

Իրանի մէջ «Քովիտ-19»ի թիւերու բարձր աճ

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մէկ օրուան մէջ 163 մարդ մահացած է: Երկրին մէջ հիւանդութենէն մահացութեան ընդհանուր ցուցանիշը հասած է 11 571-ի: Այս մասին յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Սիմա Սատաթ Լարին:

Անոր խօսքով՝ 5 յուլիսն երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման 2560 նոր դէպք գրանցուած է, իսկ համաճարակի բռնկման պահէն ի վեր վարակվածներու թիւը հասած է 240 438-ի:

Լարին նշած է, որ վերջին մէկ օրուան ընթացքին գրանցուած մահուան տուեալը մրցանշային է Իրանի համար: Մահացութեան 24-ժամեայ նախորդ մրցանշային ցուցանիշը (162) գրանցուած էր 29 մայիսին:

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ մինչ օրս ապաքինուած է 201 330 մարդ: Երկրին մէջ, ընդհանուր առմամբ, 1 794 727 քննիւթիւն իրականացուած է: