image

Ինչ կարծիք ունի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին «Այա Սոֆիա»ի խնդրով

Ինչ կարծիք ունի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին «Այա Սոֆիա»ի խնդրով

Պոլսոյ մէջ Սուրբ Սոֆիա տաճարի վերափոխումը մզկիթի կը սպառնայ հետեւանքներով, յայտարարած է Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավարի տեղակալ, աւագ քահանայ Նիքոլայ Պալաշովը:

Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական դատարանը՝ Պետական ​​խորհուրդը, հինգշաբթի օր քննած է Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակի փոփոխման եւ մզկիթի վերածման հարցը: Պետական խորհուրդը կը կարծէ, որ նախագահի հրամանը բաւարար է տաճարի կարգավիճակը փոխելու համար: Որոշումը պիտի հրապարակուի 15 օրուան ընթացքին:

«Թուրքիոյ Պետական ​​խորհուրդի որոշումը կը խոստանան պաշտօնապէս հրապարակել երկու շաբթուան ընթացքին, չնայած այն ընդունուած է, ինչպէս կը հաղորդուի, զարմանալիօրէն արագ․ հաւանաբար մանրակրկիտ նախապատրաստուած են: Սակայն, ըստ ԶԼՄ-ներուն, որոշումը վերջնական չէ: Իբր, նախագահը թող ինքը որոշէ,  ինչպէս՝ Աթաթուրքը, 1934 թուականին որոշեց տաճարը (այն ժամանակ մզկիթը) դարձնել թանգարան: Խուսափողականօրէն եւ իմաստունօրէն խուսափեցան անմիջական պատասխանատւութենէն»,- «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն կը փոխանցէ արքեպիսկոպոս Պալաշովի խօսքերը:

Ըստ անոր՝ այս արարքը «պատասխան պիտի ունենայ», քանի որ «աշխարհի երկարամեայ հաւասարակշռութիւններու որեւէ «խափանում» միջկրօնական, միջքաղաքակրթական յարաբերութիւններուն մէջ յղի է լուրջ եւ դժուարկանխատեսելի հետեւանքներով»:

«Տուեալ պարագային խօսքը իւրայատուկ իսկապէս համաշխարհային նշանակութեան յուշարձանի մասին է, եւ այն պարզապէս մշակութային եւ պատմական կառոյց չէ, այլ՝ սրբավայր միլիոնաւոր մարդոց համար: Չէ որ «Քրիստոսի Մեծ եկեղեցին», ինչպէս դարեր շարունակ կոչուած է Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին, հազարամեակներ շարունակ Արեւելեան քրիստոնէութեան հիմնական տաճարը եղած է, եւ՝ ոչ միայն Բիւզանդական կայսրութեան, այլեւ՝ ամբողջութեան ուղղափառութեան»,- նշած է հոգեւորականը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «եթէ լրագրողներու տեղեկութիւնները ճիշդ են, դատարանը չի ճանչնար այս օրերուն թուրք վարձա-հրաւիրուած փորձագէտներու բազմիցս կրկնուող պնդումները, թէ իբր 1934 թուականի հրամանը անվաւեր է եւ նոյնիսկ թիւ չունի, իսկ Աթաթուրքի ստորագրութիւնը, իբր, կեղծ է»:

«Ո՛չ, 1934 թուականի աքթը, կարծես, օրինական ճանչցուած է: Մինչդեռ այն ժամանակակից աշխարհիկ պետութեան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, մտածուած եւ ճշգրտուած քայլերէն մէկն էր: Կ'արժէ՞ արդեօք հարուածել այդ ժառանգութիւնը»,- նշած է աւագ քահանան:

«Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ Քրիստոսի եւ Աստուածամօր հրաշալի պատկերներուն հետ: Չէ՞ որ իսլամներուն արգիլուած է աղօթել այնտեղ, ուր մարդկային պատկերներ կան: Կրկին կրաքարո՞վ պիտի ծածկեն: Կ'ըսեն՝ այն արդէն պատրաստած են, արդէն նաեւ գորգեր գնած են: Իսկ ի՞նչ կ'ըսեն աշխարհի բոլոր երկիրներէն այցելուները, որոնք երկար կը կանգնին այդ պատկերներուն առջեւ: Ի՞նչ կ'ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ այդ յուշարձանը մտցուցած է համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Անոնց կը պատասխանեն, որ այդ Թուրքիոյ ներքին գո՞րծն է: Թուրքիան ինչո՞ւ կ'ուզէ գործել ի վնաս իրեն»,- նշած է Պալաշովը:

Անոր խօսքով՝ հիմա «կը մնայ յուսալ, որ նախագահ Էրտողանը պետական իմաստնութիւն կ'ունենայ»:

«Եւ աղօթել, թող Աստուած անոր օգնէ ճիշդ որոշում ընդունիլ՝ ոչ ի վնաս անձամբ իրեն, թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան: Սոֆիան իրաւամբ ամբողջ աշխարհի թանկարժէք սեփականութիւնն է, եւ հաստատապէս ձեզի հետ միասին մեր պատմութեան եւ մշակոյթի անքակտելի մասը»,- եզրափակած է աւագ քահանայ Պալաշովը: