image

Լիբանանի մէջ անյուսութիւնը կ՚աճի. «Ես անհաւատ մը չեմ...» Քաղաքացին հանրութեան առջեւ ինքնասպան եղած է (Լուսանկար)

Լիբանանի մէջ անյուսութիւնը կ՚աճի. «Ես անհաւատ մը չեմ...» Քաղաքացին  հանրութեան  առջեւ ինքնասպան եղած է (Լուսանկար)

 Լիբանանցի քաղաքացի  Ալի Մոհամմատ Ալ Հաք   այս առաւօտ  Պէյրութի «Ալ Համրա»  յայտնի   փողոցին մէջ   կրակ բացած է ինքիր վրայ ու տեղւոյն  վրայ մահացած։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Նահար»  պարբերականի կայքը, որ նաեւ կը նշէ, որ քաղաքացին  հիսաթափուած  եղած է երկրին մէջ տիրող   ընկերային-տնտեսական ծանր  իրավիճակէն եւ որպէս  ապացոյց իր բողոքին   անձնասպանութեան  դէպքի վայրին  ճիշդ  կողքը  տեղադրած է պաստառ մը վրան  գրուած՝  «Ես անհաւատ մը չեմ...».  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ,  որ    61-ամեայ  Ալի Մոհամմէտը,  դատական- կառավարական ոչ մէկ խնդիր ունէր   եւ իր  բողոքի  թուղթին կցած էր   իրաւապահ մարմիններու կողմէ իրեն տրուած «անպարտութեան»   վաւերագիրը։

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 Թերթը նաեւ կը նշէ,  որ վերջին  ամիսներուն  Լիբանանի մէջ տիրող  ծանր դրութեան հետեւանքով  անձնասպանութեան դէպքերը       մեծ  աճ գրանցած են։

 Լիբանանցի քաղաքացիներու կարեւոր  մէկ տոկոսը  յայտնուած է    յուսահատութեան գիրկը, եթէ հաշուի  առնենք    երկրի տնտեսական բարդ վիճակն ու   օրուայ հացը  ճարելու  դժուարութիւնները։

 

  Դէպքէն  անմիջապէս ետք   շրջան  հասած են       բողոքի ցոյցերուն մասնակցող  քաղաքացիներ, որոնք  մեծ  ցասումով անդրադարձած են եղածին ու վերահաստատած   այն   տեսակէտը, որ  Լիբանանը  յայտնուած է  բաւական  լուրջ  տագնապի մը մէջ։