
Լիբանանի մէջ հացի գինը նոր սղաճ պիտի արձանագրէ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է երկրի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նահմէ։
Նահմէ նաեւ ըսած է, որ այսուհետեւ 900 կրամ կշռող հացի տրցակը պիտի վաճառուի 2000 լիբանանեան ոսկիով։
Յիշեցնենք, որ Լիբանան կ՚անցնի տնտեսական-ընկերային բաւական ծանր եւ բարդ շրջանէ եւ մինչեւ վերջերս 1 քիլոկրամ կշռող հացի տրցակը կը վաճառուէր 1500 լիբանանեան ոսկիով։
Երկրին մէջ բաւական սուր կերպով տեսանելի դարձած է յատկապէս ամերիկեան տոլարի չգոյութեան տագնապը եւ ըստ վերջին տուեալներուն Պէյրութի ելեւմտական շուկաներուն մէջ ամն տոլարը կը վաճառուի մինչեւ 8000 լիբանանեան թղթոսկիի, մինչ երկրին մէջ անցնող հոկտեմբերին ծագած տնտեսական տագնապի օրերուն ամն տոլարը կը վաճառուէր 1500 լիբանանեան ոսկիի։
Մեծ թիւով վերլուծաբաններու տեսակէտով, Լիբանանի մէջ ծաւալած եւ ամէն օր ծաւալող տնտեսական տագնապը ունի քաղաքական խոր արմատներ, իսկ վերջին շրջանին կ՚ուղեկցուի արեւմտեան երկիրներու եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի Լիբանանի մէջ առկայ իրանեան ազդեցութիւնը ջլատելու ճիգերով։



















