image

Արտաշատի հիւանդանոցին մէջ արտակարգ դէպք. «Քորոնա»էն բուժուող քաղաքացին ինքզինք պատուհանէն վար նետած է

Արտաշատի հիւանդանոցին մէջ արտակարգ դէպք. «Քորոնա»էն բուժուող քաղաքացին ինքզինք պատուհանէն վար նետած է

Արտաշատի բժշկական կեդրոնին մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան դէմ բուժում ստացող 55-ամեայ հիւանդը ցած նետուած է հիւանդասենեակի պատուհանէն:

Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած է առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը։

«Դէպքի մասին անմիջապէս հաղորդում ուղարկուած է իրաւապահ մարմիններուն: Վերջինս հիւանդանոց ընդունուած է 29 յունիսին:

Հիւանդը անմիջապէս տեղափոխուած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն` ստորին վերջոյթներու եւ ողերու բազմակի կոտրուածքներով: Կը կատարուի անհրաժեշտ հետազօտութիւնները: Ան կը գտնուի բժիշկներու հսկղութեան տակ եւ վերջիններուս գնահատմամբ կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ»,-գրած է ան: