
ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգէն Ռիչարտ Կարայը եւ անոր ընտանիքի 27 անդամները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Ռիչարտի 60-ամեայ հայրը եւս վարակուած է եւ մահացած:
New York Post-ը կը յայտնէ, որ առաջինը վարակուած է Ռիչարտը:
«Ամէն ինչ սկսաւ հարբուխէն եւ գլխացաւէն, իսկ աւարտեցաւ բարձր ջերմութեամբ եւ տենդով»,- պատմած է ան:
Շուտով Ռիչարտէն վարակուած է նաեւ անոր 60-ամեայ հայրը: «Քորոնա» ժահրով վարակուած են նաեւ Ռիչարտի երեխաները, անոր եղբօր յղի կինը եւ մնացեալ ազգականները: Անոնց մեծ մասը արդէն ապաքինուած է, ինչպէս եւ ինքը՝ Ռիչարտը: Անոր հայրը, սակայն, մահացած է:
Ռիչարտը ստոյգ չի գիտեր, թէ ինքն ու իր ընտանիքի մնացած բոլոր անդամները ինչպէս վարակուած են: Ան կ'ենթադրէ, որ պատճառը կրնար ըլլալ մայիսի կէսին ազգականի այցելութիւնը: Բացառուած չէ նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրը իրենց ընտանիք կրնար բերել իր մօրը խնամողը:
Ռիչարտ իր պատմութեան մասին յայտնած է լրագրողներուն, որ միւսներուն նախազգուշացնէ ժահրի վտանգաւորութեան մասին:
«Չեմ ուզեր, որ հօրս մահը զուր ըլլայ: Կ'ուզեմ, որ մարդիկ հասկնան՝ «Քորոնա» ժահրը իրական սպառնալիք է»,- ըսած է ան:
















