image

«Քորոնա»ն մօտ չէ իր աւարտին. ԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ

«Քորոնա»ն մօտ չէ իր աւարտին. ԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ

«Քորոնա» ժահրի համավարակը մօտ ապագային պիտի չաւարտի: CNN-ի փոխանցմամբ՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:

«Այն նոյնիսկ մօտ չէ աւարտին: Թէեւ շատ երկիրներ առաջընթաց գրանցած են, համավարակը իրականութեան մէջ կ'արագանայ: Մենք այս հարցով բոլորս միասին ենք եւ երկար ենք պիտի մնանք այս վիճակին մէջ: Մենք արդէն շատ կորսնցուցած ենք, սակայն չենք կրնար կորսնցնել յոյսը»,- ըսած է Կեպրէյեսուսը Ժընեւի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ:

Ան նշած է նաեւ, որ վաղը կը լրանայ վեց ամիսը այն օրէն, երբ ԱՀԿ-ն առաջին անգամ տեղեկացուած է Չինաստանի մէջ թոքաբորբի տարածման դէպքերու մասին, ինչը, ինչպէս աւելի ուշ պարզուեր էր, պայմանաւորուած էր նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով:

Յիշեցնենք, որ ողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 10 մլն-ը, մահացածներունը՝ 500 000-ը: