Գագիկ Ծառուկեանի որդին՝ Նուէր Ծառուկեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, եւ այդ հիմքով չէ ներկայացած Քննչական կոմիտէ Հարցաքննութեան։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած են նաեւ քննչական կոմիտէէն։
Յիշեցնենք, որ Ծառուկեանի որդին որպէս վկայ ներգրաւուած է 2019 թուականին աբովեանի մէջ տեղի ունեցած զինուած միջադէպի գործով։