image

Վրաստանի մէջ «Քորոնա»ով մահացած հայ զոհ ունինք

Վրաստանի մէջ «Քորոնա»ով մահացած հայ զոհ ունինք

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մաhացած 15–րդ քաղաքացին ազգութեամբ հայ է, որ կ'ապրէր Ախալքալաքի գիւղերէն մէկուն մէջ: Ան Հայաստանէն Վրաստան գացած էր ու 14-օրեայ ինքնամեկուսացման ցուցում ունէր։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը յայտնած է Ախալքալաքի հանրային առողջապահութեան կեդրոնի տնօրէն Աւետիք Տօնականեանը։

«Վոլոտիա Բ.-ն 82 տարեկան էր, ունէր ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Ան իր որդիին հետ, որ նոյնպէս Վրաստանի քաղաքացի է, եկած էին Երեւան։ Յետոյ սահմանները փակուելու հետեւանքով մնացած էին Երեւան»,–ըսած է Տօնականեանը։

Կեդրոնի տնօրէնի խօսքով` 11 օր առաջ անոնք Վրաստան տեղափոխուած են։ Ինքնամեկուսացման մէջ գտնուող Վոլոտիան սկսած էր վատ զգալ, կտրուկ բարձրացած էր արեան ճնշումը։ Անոր մօտ յայտնաբերուած էր «Քորոնա» ժահր: 82-ամեայ Վոլոտիային Ռուսթաւիի հիւանդանոց տեղափոխած էին, ուր ալ մահացած է։  Անոր տղան դեռ 3 օր պէտք է ինքնամեկուսացած մնայ։