image

«Մտահոգ ենք Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով» WHO-ն յայտարարութիւն տարածեց

«Մտահոգ ենք Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով» WHO-ն յայտարարութիւն տարածեց

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետ կապուած սահմանափակումները չեղեալ համարելէ ետք ամիսներու ընթացքին, առաջին անգամն է, որ Եւրոպայի մէջ շաբաթական մաշտապով վարակման դէպքերու աճ գրանցուած է: Այս մասին տեղեկացուցած է BBC-ն:

ԱՀԿ-ի Եւրոպական տարածաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Հանս Անրի Կլիւկէ յայտարարած է, որ 11 երկիրներու, անոնց կարգին՝ Հայաստանի, Շուէտի, Մոլտավիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ ժահրի արագ փոխանցումը յանգեցուցած է վարակման դէպքերու «զգալի վերսկսման»:

Ըստ Կլիւկէի՝ վարակման դէպքերու վերսկսելու վերաբերեալ իր զգուշացումները իրականութիւն դարձած են:

ԱՀԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող Եւրոպական տարածաշրջանին մէջ, որ կը ներառէ 54 երկիր եւ 7 տարածք Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիայի, ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն, գրանցուած է վարակի աւելի քան 2,6 միլիոն եւ մահուան 195 000 դէպք:

Օրական մաշտապով կը գրանցուի վարակման շուրջ 20 000 եւ մահուան 700 դէպք:

« Քանի մը շաբաթներու ընթացքին ես կը խօսէի վերսկսման վտանգի մասին, քանի որ երկիրները կը փոփոխէին սահմանափակումները: Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ ատիկա իրականութիւն դարձած է, 30 երկրի մէջ, վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին աճած է նոր դէպքերուն թիւը: Այդ երկիրներէն 11-ին մէջ փոխանցումի արագութիւնը յանգեցուցած է զգալի վերսկսման, որ եթէ չկանգնեցնենք, կրկին առողջապահական համակարգերը կը յայտնուին վտանգաւոր սահմանագիծ»,-ըսած է Կլիւկէն:

Նշուած 11 երկիրներն են` Հայաստանը, Շուէտը, Մոլտավիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Ատրպէյճանը, Ղազախիստանը, Ալպանիան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինան, Խրխզիստանը, Ուքրանիան եւ Քոսովոն:

Ըստ Կլիւկէի՝ այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Լեհաստանը, Իսրայէլը, Գերմանիան եւ Սպանիան, կրցած են արագ արձագանգել նոր բռնկման, կապուած դպրոցներու եւ սնունդի կէտերու հետ, եւ կրցած են զայն հսկողութեան տակ առնել արագ միջամտութիւններու միջոցով:

Ան նշած է նաեւ, որ արդէն պէտք է սկսիլ պատրաստուելու աշնան, երբ «Քորոնա» ժահրը կը միանայ եղանակային կրիփին, թոքաբորբին եւ այլ հիւանդութիւններուն: