image

Ըսել, որ «Քորոնա»ն անվտանգ է կը նմանի «Ատրպէյճանցի զինուորը անվտանգ է» ըսելուն.Արմէն Մարտիրոսեան

Ըսել, որ «Քորոնա»ն անվտանգ է կը նմանի «Ատրպէյճանցի զինուորը անվտանգ է» ըսելուն.Արմէն Մարտիրոսեան

Բոլոր այն մարդիկ, որոնք կ'ըսեն, որ «Քորոնա» ժահր չկայ կամ անիկա անվտանգ է, նոյնն է, թէ ըսեն, որ Ապրիլեան պատերազմին յարձակող ատրպէյճանցի զինուորը անվտանգ է, կամ ատրպէյճանական դրոնը, հրթիռը անվտանգ է: Այս մասին պարէտատան նիստէն յետոյ կայացած ճեպազրոյցին յայտարարեց «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն՝ Արմէն Մարտիրոսեան, որու հայրը՝ Աքիլես Մարտիրոսեանը, մահացած է «Քորոնա» ժահրէն:

Ան յայտնեց, թէ վերջին շաբաթներուն «Քորոնա» ժահրով վարակուած են իր ընտանիքի գրեթէ բոլոր անդամները: Ինքը, թէեւ շուրջ 4.5 ամիսէ, որ չէ հաղորդակցած ծնողներուն հետ, սակայն չէ կրցած ապահովել, որ այլ անձեր նաեւ չհաղորդակցին, եւ որու հետեւանքով, վարակուած են ընտանիքի անդամները:

«Իմ օրինակը եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ նոյնիսկ եթէ մենք անձամբ կը պահպանենք սահմանուած կանոնները, անով դեռ չենք լուծեր խնդիրը, քանի որ դեռ կը հանդուրժենք այն մարդոց, որոնք կանոնները չեն պահպաներ: Սիրելի հայրենակիցներ, մի՛ կրկնէք իմ սխալը, թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր հարազատները առանց հեռավորութիւնը պահպանելու, առանց դիմակ կրելու եւ առանց ձեռքերը պարբերաբար ախտահանելու հաղորդակցին իրարու հետ»,- ըսաւ Արմէն Մարտիրոսեան: