image

Նոր ստեղծուող Պարեկային ծառայութիւնը կազմակերպման փուլի մէջ է

Նոր ստեղծուող Պարեկային ծառայութիւնը կազմակերպման փուլի մէջ է

Հայաստանի մէջ նոր ստեղծուող Պարեկային ծառայութիւնը կ՚անցնի  կազմակերպման փուլէ։ Այս մասին կը գրէ «Մէտիամաքս» գործակալութիւնը։

Աղբիւրը  կը նշէ, որ Ոստիկանութիւնը յայտարարած է նոր ստեղծուող Պարեկային ծառայութեան տարբերանշանի (լոկոյի) մրցոյթ։

«Տարբերանշանը արտացոլուած պիտի ըլլայ պարէկային ծառայողներու համազգեստի ու պարեկային մեքենաներուն վրայ եւ պէտք է խորհրդանշէ Պարեկային ծառայութեան գործունէութեան բնոյթը եւ արտայայտէ գործառոյթներու հաւաքական ամբողջութեան էութիւնը։

Պարեկային ծառայութեան հիմնական գործառոյթները պիտի հանդիսանան՝

▪ հասարակական կարգի եւ հասարակական անվտանգութեան ապահովումը,

▪ ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովումը,

▪ քաղաքացիներուն անյետաձգելի օգնութեան եւ հոգեբանական աջակցութեան ցուցաբերումը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։ 

«Յաղթողը պիտի պարգեւատրուի Ոստիկանութեան ղեկավարութեան կողմէ», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ՝ առանց մանրամասնելու:

Յայտերը պիտի ընդունուին մինչեւ 30 յուլիս։

Լոկոյի էսքիզները պէտք է ուղարկել e_karapetyan@police.am ել. հասցէին։

Մանրամասներու համար կրնաք զանգել 010 59-69-61 հեռախօսահամարին։