Հայաստանի մէջ նոր ստեղծուող Պարեկային ծառայութիւնը կ՚անցնի կազմակերպման փուլէ։ Այս մասին կը գրէ «Մէտիամաքս» գործակալութիւնը։
«Տարբերանշանը արտացոլուած պիտի ըլլայ պարէկային ծառայողներու համազգեստի ու պարեկային մեքենաներուն վրայ եւ պէտք է խորհրդանշէ Պարեկային ծառայութեան գործունէութեան բնոյթը եւ արտայայտէ գործառոյթներու հաւաքական ամբողջութեան էութիւնը։
Պարեկային ծառայութեան հիմնական գործառոյթները պիտի հանդիսանան՝
▪ հասարակական կարգի եւ հասարակական անվտանգութեան ապահովումը,
▪ ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովումը,
▪ քաղաքացիներուն անյետաձգելի օգնութեան եւ հոգեբանական աջակցութեան ցուցաբերումը», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։
«Յաղթողը պիտի պարգեւատրուի Ոստիկանութեան ղեկավարութեան կողմէ», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ՝ առանց մանրամասնելու:
Յայտերը պիտի ընդունուին մինչեւ 30 յուլիս։
Լոկոյի էսքիզները պէտք է ուղարկել e_karapetyan@police.am ել. հասցէին։
Մանրամասներու համար կրնաք զանգել 010 59-69-61 հեռախօսահամարին։