image

Էրտողանի կառավարութիւնը պիտի վերանորոգէ Անի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը

Էրտողանի կառավարութիւնը պիտի վերանորոգէ Անի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարարութիւնը կից Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան հսկողութեամբ սկիզբ առած են աշխատանքներ, որոնց նպատակը մզկիթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելն ու աշխարհին ծանօթացնելն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber» կայքը:

Մզկիթի վերակառուցման եւ նախագծման աշխատանքներու իրականացման համար արձանագրութիւն ստորագրուած Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան եւ Մշակութային ժառանգութեան ու թանգարարններու գխաւոր վարչութեան միջեւ:

Ըստ արձանագրութեան` նախագիծը պիտի ֆինանսաւորեն Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գործող 26 զարգացման գործակալութիւն, իսկ վերանորոգման աշխատաքները կը նախատեսուի աւարտել 26 Օգոստոս 2021-ին` Մանազկերտի ճակատամարտի 950-ամեակին: