image

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 59 -ի

Արցախի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 59 -ի

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 2 քաղաքացիի մօտ, որոնք Ստեփանակերտի բնակիչներ են, կը գրէ տեղեկատուական շտապը։

«Վարակակիրներէն մէկը ռիսքային խումբի մէջ է, 71 տարեկան, աւելի քան 10 տարի թոքերու քրոնիկ հիւանդութիւն ունի եւ վերջերս վերադարձած է Հայաստանի Հանրապետութենէն: Հիւանդի վիճակը բժիշկները գնահատած են ծանր: Ան միացուած է թթուածնի սարքին:

«Քորոնա» ժահրով վարակուած միւս քաղաքացին մեկուսացուած է եւ անոր առողջական վիճակը, ըստ բժիշկներու, կը գնահատուի բաւարար:

Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրային վարակը հաստատուած է 59 քաղաքացիի մօտ, որմէ 31-ը արդէն ապաքինուած են: Մեկուսացուած է 73 քաղաքացի, քննուածներու քանակը 1131 է»,- ըսուած է շտապի յայտարարութեան մէջ: