image

Արդեօք The Simpsons գծագրային տեսաշարը գուշակած է՞ր «Քորոնա»ի մասին

Արդեօք The Simpsons գծագրային տեսաշարը գուշակած է՞ր «Քորոնա»ի մասին

Միլիառատէր Պիլ Կէյթցը, ըստ երեւոյթին, միակը չէր, որ կանխատեսած էր, թէ Չինաստանի մէջ ինչ որ մահացու ժահր մը պիտի յայտնուի, եւ տարածուելով պիտի սպառնայ ողջ աշխարհին:

Լրատուական կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն՝ The Simpsons «Սիմսընսները», ամերիկեան գծագրային յայտնի տեսաշարը գուշակած է այսպիսի ժահրի մը տարածումը, 27 տարի առաջ, որ այժմ դարձած է ընկերային ցանցերու ուշադրութեան առարկան:

Բրիտանական «Միրըր» պարբերաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ տեսաշարին երկրպագուները, վստահեցուցած են այս գուշակութեան մասին, երբ կրկին անգամ դիտած են յիշեալ տեսաշարի 1993-ի դրուագները: Անոնք հրապարակելով զանազան տեսաերիզիներ, համեմատութիւններ ըրած են այդ տարուայ դրուագին, եւ ներկայիս կատարուած անցուդարձերուն միջեւ:

Այդ տարուայ The Simpsons-ի դրուագը «Օսքա ֆլիւ» անունով ժահրի մը մասին էր, որ Ճափոնէն գալով տարածուած էր ամերիկեան գիւղաքաղաքի մը մէջ: Ճիշդ է որ տեսաշարը ժահրի ծնունդի երկիրը յիշած էր Ճափոնը եւ ոչ Չինաստանը, սակայն երկրպագուները կը շարունակեն հաւատալ թէ կապակցութիւն մը  կայ «Քորոնա»ի հետ:

Տեսաշարին մէջ, ինչպէս նկարները ցոյց կու տան, Ճափոնի մէջ, գործարանի մը պաշտօնեան, կը հազայ այն սնտուկներուն վրայ, որոնք պատրաստուած են Ամերիկա ուղարկուելու համար,  հետեւաբար պատճառ կը դառնայ ամերիկացիներուն մէջ վարակի մը տարածման, որու ախտանշանները նման են ներկայ «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններուն:

Այս տեսաշարը, որ 30 տարիներէ ի վեր կը ցուցադրուի ամերիկեան հեռատեսիլի կայաններէն, կասկածելիօրէն կատարած է զանազան գուշակութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրուիլը եւ կամ Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական յարձակումները: