image

«Քորոնա»ի աննախադէպ աճ Վանաձորի մէջ

«Քորոնա»ի աննախադէպ աճ Վանաձորի մէջ

Յարգելի՛ վանաձորցիներ, Covid-19 վարակը Վանաձորի մէջ աննախադէպ աճ գրանցած է։ Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին գրած է ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Եղիազարեանը։

«Կոչ կ'ընեմ բոլորիդ, սիրելի՛ համաքաղաքացիներ, ցուցաբերեցէ՛ք ողջամտութիւն եւ խստօրէն հետեւեցէ՛ք բոլոր ցուցումներուն, պահպանեցէ՛ք սահմանուած բոլոր նորմերը։ Պէտք է միասին կանխենք Վանաձորի մէջ համավարակի բռնկման բոլոր հնարաւոր օճախները», գրած է Արմէն Եղիազաեանը։