image

Թուրքիա կը պատրաստուի 40 ուղղութիւններով թռիչքները վերականգնել

Թուրքիա կը պատրաստուի 40 ուղղութիւններով թռիչքները վերականգնել

Թուրքիան կը նախատեսէ յունիսին վերականգնել չուերթները մօտ 40 երկիրներ եւ 15 երկիրներու հետ օդային փոխադրումներու նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է, յայտարարած է փոխադրամիջոցներու նախարար Ատիլ Գարաիսմայիլօղլուն, կը յայտնէ Reuters-ը։

Թուրքիան «Քորոնա» ժահրի բռնկումը զսպելու միջոցառումներու շրջածիրէն ներս փակած է իր սահմանները։ Ներքին չուերթները 1 յունիսէն վերականգնուած են, քանի որ Անգարան վարակման մակարդակի զգալի նուազումէն ետք թոյլցուցած է սահմանափակումները։  

Գարաիսմայիլօղլուն ըսած է, թէ յունիսին թռիչքները պիտի վերականգնուին հինգ փուլով՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան անվտանգ թռիչքները վերականգնելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ 92 երկիրներու հետ։

Ըստ անոր՝ չուերթները Պահրէյն, Քաթար եւ Յունաստան պիտի վերականգնուին 10 յունիսին։ Թռիչքները 17 ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ Գերմանիա, Աւստրիա, Խորվաթիա եւ Սինկափուր, պիտի վերսկսին 15 յունիսին։ Եւս 16 երկիրներ թռիչքները պիտի սկսին 20 յունիսին, 22-ին եւ 25-ին, այդ շարքին Հարաւային Քորէա, Հոլանտա, Նորվեկիա եւ Պելճիքա։

Երկիրները, որոնց հետ Անգարան փոխադարձ չուերթներու հարցով հասած է նախնական համաձայնութեան, 15-ն են՝ Իտալիան, Սուտանը, ԱՄԷ-ն, Ալպանիան, Պելառուսիան, Յորդանանը եւ Մարոքը։