image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի Աջաբնեակ շրջանի մանկապարտէզի սաներէն մին ունի վարակակիր ծնողներ. Ան շփուած է տասնեակ երեխաներու հետ

Երեւանի Աջաբնեակ շրջանի մանկապարտէզի սաներէն մին ունի վարակակիր ծնողներ. Ան շփուած է տասնեակ երեխաներու հետ

Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանի թիւ 40 մանկապարտէզի սաներէն մէկուն ընտանիքին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպք հաստատուած է, որմէ ետք խումբը փակուած է։  ՀՀ կրթութեան տեսչական մարմնի մամուլի ծառայութենէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ երեխան այդ ընթացքին յաճախած է մանկապարտէզ, շփում ունեցած է խումբի 15 երեխայի հետ։

Տեսչական մարմինը այսօր՝ 4 յունիսին, ստուգում իրականացուցած է մանկապարտեզին մէջ եւ որոշած է պարէտատան առաջարկել որոշ ժամանակով կասեցնել մանկապարտէզի գործունէութիւնը։

Այնուամենայնիւ, տեսչական մարմնէն յայտնած են, որ տուեալ խումբի երեխաներն ու դաստիարակները այսօր արդէն մանկապարտէզ չեն յաճախած։