2 Յունիսին Նինոծմինդայի Ղաուրմա գիւղէն Գորիի ռազմական հիւանդանոց տեղափոխուած 44-ամեայ բնակիչի քննութեան պատասխանները դրական եղած են, ինչը կը նշանակէ, որ հիւանդը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
«Ալիք Մետիայի» հետ զրոյցի ժամանակ Նինոծմինդայի Հանրային առողջապահութեան կեդրոնի տնօրէն Տիգրան Եղոյեանը նշած է, որ Ղաուրմայի բնակիչի մօտ թոյլ դրական արդիւնք յայտնաբերուած է:
«Հիւանդը վարակակիր է, սակայն կրնանք ենթադրել որ վարակիչ չէ, քանի որ ախտանշաններ չունի: Անոր ընտանիքի 4 անդամներուն պիտի տեղափոխեն քարանթինային գօտի: Ինչ կը վերաբերի գիւղի միւս բնակիչներուն, դեռ կը սպասենք հրահանգներու, որ կատարենք յանձնարարութիւնները»,- ըսած է Եղոյեանը:
Նշենք, որ Ղաուրմա գիւղի բնակիչը վերջերս ժամանած էր Ռուսաստանէն: Ան պարտադիր 14-օրեայ քարանթին անցած է Կուտաուրիի մէջ, ուր վերադարձած է՝ 31 մայիսին: