image
Հրատապ լուրեր:

Համաճարակը կը նահանջէ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ

Համաճարակը կը նահանջէ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ

Սպանիոյ մէջ վերջին երեք օրերուն COVID-19-էն գրանցուած է մէկ մահ։ Սպանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի յայտնած է վերջին օրերուն մէկ մահուան եւ 291 վարակման նոր դէպքերու մասին, կը յայտնէ AP-ը։

Շտապօգնութեան ծառայութեան ղեկավար Ֆերնանտօ Սիմոնը կը յայտնէ, որ լայնամաշտապ քննութիւնը «Քորոնա» ժահրի անախտանիշ աւելի շատ դէպքեր կը յայտնաբերէ, քան նախապէս էր։ Անոր խօսքերով՝ միտումը անկում կ'ապրի:

Միաժամանակ, իտալական շրջաններու մեծ մասին մէջ կամ ընդհանրապէս չէ գրանցուած կամ 24 ժամուան ընթացքին գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի միայն մի քանի հաստատուած դէպք։

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներու համաձայն, Իտալիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին գրացուած է 321 դէպք։ Նոր դէպքերու 2/3-ը եղած է Լոմպարտիայի մէջ, ուր փետրուարին բռնկած էր Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը։ Երկրին մէջ մահացածներու թիւը նոյն ժամանակահատուածին աճած է 71-ով։