image

Թանքեան կոչ ըրած է փակել փողոցները հեռացնելու համար Թրամբը

Թանքեան կոչ ըրած է փակել փողոցները հեռացնելու համար Թրամբը

System of a Down խումբի մեներգիչ Սերժ Թանքեանը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի մէջ կիրառել 2018 թուականի Հայաստանի խաղաղ յեղափոխութեան փորձը եւ հեռացնել Տանըլտ Թրամբը:

Խօսելով ԱՄՆ-ի մէջ ծաւալող բողոքի գործողութիւններու մասին եւ մեկնաբանելով Թրամբի քայլերը, Սերժ Թանքեանը ըսած է.

«Իրական առաջնորդը կը դիմէր ժողովուրդին, իսկական տղամարդը կ'առերեսուէր ցուցարարներուն հետ փողոցը: Բայց ինչպէս նախկին բոլոր քորումփացուած եւ ոչ ժողովրդավար առաջնորդները, դուն (Թրամբը-խմբ.) հասկցար, որ այդ քու ժողովուրդդ չէ, դուն ալ մեր իրական նախագահը չես»:

«2018 թուականին Հայաստանի խաղաղ յեղափոխութեան դասերը կրնան կիրառուիլ ԱՄՆ-ի մէջ եւ ամէնուրեք աշխարհի մէջ: Համակարգեցէք ձեր գործողութիւնները օնլայն, փակեցէք բոլոր փողոցները եւ ստիպեցէք ռեժիմին հեռանալ: Ժամանակը եկած է: Քու ժամանակդ եկած է, Տանըլտ Թրամբ», - ըսած է Սերժ Թանքեանը: